2015-10-10 11:27:00

Ժողովրդային Քահանայապետ` Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 11 հոկտեմբերին կը նշուի` 2014-ին 27 ապրիլին Ֆրանչիսկոս Պապէն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ միասին սուրբ հռչակուած` Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ծիսական տօնը։

Անճելօ Ռոնքալլի եղած է համբերատար` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները: Դեռ երիտասարդութեան կ՛առաջադրէ միշտ սնուցանել հաւատքը եւ երբեք չձգել որ այն ծերանայ` մնալով միշտ մանուկ Աստուծոյ դիմաց, ինչպէս որ Յիսուս կը սորվեցնէ Աւետարանին մէջ:

 Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան: Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու մտային հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու կազմաւորումին` մղելով զանոնք պատասխանատու առաքելութեան մը:

Հաւատքը ծաղկեցնելու իր այս մնայուն բաղձանքէն մեկնելով Ռոնքալլի  կը նպաստէ Ծիսակատարութեան` հաւատացեալներու գործօն մասնակցութեան: Իր հաւատքը ապրեցաւ ժողովրդական բարեպաշտութեան զգայնութեամբ. Ինչպէս Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը, Յիսուսի Սուրբ Սրտի եւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնները:

Ան միշտ նախընտրած է հաղորդակցիլ պարզ, անմիջական եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող պատկերներու միջոցաւ` յաջողելով անմիջապէս թափանցել մարդոց սիրտերը:

Յովհաննէս ԻԳ Պապի սրբութիւնը հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի վրայ, որ Խաչի խորհուրդին մէջ կը յայտնէ Հօր ողորմութիւնը, որ իր նախախնամութեամբ կ՛առաջնորդէ պատմութիւնը եւ Սուրբ Հոգւոյ միջոցաւ կը նորոգէ Եկեղեցին եւ աշխարհը:

Ռոնքալլիին համար հաւատալ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիէն:

Յովհաննէս ԻԳ-րդ Պապի կեանքին մէջ սրբութիւնը` կեդրոնացած  է եղբայրութեան վրայ եւ լուսաւորուած Աւետարանական Երանութիւններէ, կ՛արտայայտուի Աստուծոյ կամքի մնայուն փնտռտուքով, ամէնօրեայ ողորմութեան գործերով եւ ամէն կերպով նպաստելով բարի կամքի տէր մարդոց եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան:

Յովհաննէս ԻԳ Պապին համար սրբութիւնը պէտք չէ ընկերակցուի տարօրինակ եւ բացառիկ երեւոյթներով, այլ մարդկանց հասանելի առատաձեռնութեան, հանդուրժողութեան եւ ներումի առօրեայ պարզ կեանքով: Անոր սրբութիւնը գործօն սրբութիւն է, որ կ՛արտայայտուի ամէնօրեայ աշխատանքի անվարձահատոյց նուիրումի մէջ: Ինչքերու հաւասարակշիռ գործածութիւնը, դրամի խնայողաբար եւ չափաւոր մատակարարումը որ կը յատկացնէր կարիքաւորներուն օգնելու եւ անոր հանդէպ ունեցած իր անտարբերութիւնը կարելի է  սրբութեան ակնյայտ վարմունք մը նկատել:

Աղքատներ, աղէտեալներ, տարագիրներ, բարեկամներ, եղբայրակիցներ, ամէնքը անոր մէջ կը գտնէին օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Նեղութիւններն ու հիւանդութիւնները մեծ համբերութեամբ կը կրէր եւ իր առողջութեան մասին շատ քիչ մտահոգութիւն կը ցուցաբերէր:

 Ան զօրաւոր կերպով կապուած էր իր ծննդավայրի, մանկութեան բարեպաշտութիւններուն, Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ վարդապետութեան: Սրբութեան հանդէպ իր ունեցած անձնական մօտեցումը կեդրոնացած էր Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Խաչին վրայ:

Իր յայտնի օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Պէտք եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները: Ես Ս. Լուիճին չեմ, եւ պէտք չէ ինքզինքս զոհաբերել ճիշտ իրեն նման, այլ` ինչպէս իմ տարբեր անհատականութիւնս ինծի թոյլ կու տայ: Աստուած կ՛ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»:

Ան մեծ եղած է իր պարզութեամբ եւ անմիջականութեամբ, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ եւ կորովով: Ան Եկեղեցին կենդանի ներկայացուց այսօրուայ մարդուն: Մարդիկ ճանչցան անոր ձայնը, ձայն մը, որ իրենց կը խօսէր ո՛չ միայն Աստուծոյ մասին այլ նաեւ եղբայրսիրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաշինութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.